Յիսուս Երուսաղէմ կը
մտնէ - Յաջորդ օրը, երբ տօնին համար եկած ժողովուրդի բազմութիւնը լսեց, որ Երուսաղէմ
կու այ Յիսուս, արմաւենիի ճիւղեր առին, զինք դիմաւորելու գացին եւ կ՝աղաղակէին ու կ՝ըսէին
Ովսաննա՜ օրհնութի՜ւն անոր, որ Տիրոջ անունով կու գաս , ո՜վ թաաւորդ Իսրայէլի։ Եւ էշ
մը տնելով, Յիսուս անոր վրայ նստաւ, ինչպէս գրուած է արդէն Մի՛ վախնար, Սիոնի՜ դուստր,
ահա իշու քուռակին վրայ նըստած ՝ թաաւորդ (է, որ) կու այ։ Աշակերտները մէկէն չհասկցան
(այս խօսքին իմաստը), բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ, այն ատեն յիշեցին, թէ իրենք ա՛յն
ըրած էին իրեն, ինչ որ գրուած իրեն համար։ Ժողովուրդը, որ անոր հետն էր, անո՛նք կը վկայէին
թէ Ղազարը (ի՛նք) դուրս կանչած էր գերեզմանէն եւ մեռելներէն (ի՛նք) յարութիւն տուած էր
անոր։ Ժողովուրդը անոր համար ալ դիմաւորելու եկաւ զինք, որովհետեւ լսած էին, թէ այդպիսի
հրաշք մը գործած էր։ Մինչ փարիսեցիները իրարու կ՝ըսէին Կը տեսնէ՞ք, թէ ոչ մէկ օգուտ կ՝ելլէ
ձեզի, ահաւասիկ, ամբողջ աշխա՛րհը անոր ետեւէն գնաց։